2016-02-22 11:51:00

Հալէպի Սալեզեաններու կոչը` թող աշխարհը չմոռնայ Սուրիոյ ողբերգութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Սալեզեան կրօնաւորական միաբանութեան անդամ հայր Luciano Buratti որ ներկայիս Հալէպի մէջ իր առաքելութիւնը կը կատարէ, կոչ ուղղած է աշխարհին չմոռնալու Սուրիոյ ժողովուրդին ողբերգութիւնը։ Երկիրը հինգ տարիէ զինեալ ընդհարումի մէջ է, տասնեակ հազարաւոր մարդիկ գաղթած են, զոհերու թիւը անհամար է, երկրին մէջ կը տիրէ խառնաշփոթութիւն ու մահը ամենուրէք սերմանուած է։

Հալէպը երեք տարի է թիրախ է պատերազմի եւ ամէն գիշէր ռումբեր կը տեղան քաղաքի զանազան թաղամասերու մէջ։

Հակառակ այդ դժուար ու բարդ վիճակին­, Սալեզեան կրօնաւորները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։ Կ՛աշխատինք օգնութեան հասնիլ ընտանիքներուն որպէսզի կարենան տոկալ ու իրենց ներդաշնակութիւնը պահել։ Այդ պատճառաւ բաց կը պահենք մեր ժողովրդապետական կեդրոնները ըսաւ հայր Buratti։

Քրիստոնեաներու կացութիւնը շատ դժուար է եւ այն ընտանիքները որ միջոց ունին արտագաղթի դիմելու` արդեն հեռացած են երկրէն մինչ ուրիշներ այլ վայրերու մէջ ապաստան գտած են։ Իսկ անոնք որոնք տնտեսական միջոց չունին Հալէպ կը մնան եւ կը դիմեն եկեղեցի` օգնութիւն ստանալու համար։ Մեր ծուխէն ներս ունինք շուրջ 200 ընտանիքներ որոնք ամէն բան կորսնցուցին եւ կ՛աշխատին վերապրիլ յայտնած է միշտ Սալեզեան միաբանը։ ։

Նշենք որ Սալեզեանները Սուրիոյ մէջ` ու յատկապէս  երկու վայրերու մէջ, կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը առաջինը` Հալէպ ս﹒ Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ, եւ` Քաֆրուն ''Don Bosco-ի նուիրուած ժողովրդապետութեան մէջ։ Երկու առաքելավայրերը ունին ժողովրդապետութիւն, երիտասարդական ակումբ և օգնութեան կը հասնին կարօտեալներուն եւ ընչազուրկներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.